ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՔԱՅԼԵՐԳ
Ոտքի կանգնեցէք Վարդուհեան Սաներ
Հայկուհի, Լեւոն Հայու ծնունդներ
Ոտքի կանգնեցէք ամուր քայլ առէք
Մայրենի լեզուին գոր աղօթք բերէք:
Մեր վարժարանի յարկը
կրթական
Ձեր անուշ շունչով հայու պատուական
Ջերմ պիտի մնայ ու վարար դառնայ
Այս լոյս աշխարհին կամարին վրայ:
Քալե՛նք ընկերներ մէկ հոգի դարձած
Մեր գլխավերեւ Հայ Գիրը բարձած
Քալենք ու երգենք Հայոց աշխարհին
Մեզ նուէր բերած երգը դպրոցին:
Ազնիւ ընկերներ ոտքի կանգնեցէ՛ք
Մեր լոյս կրթանքին ջահը վառեցէ՛ք
Յառաջ ընթացէ՛ք պատուոյ դաշտ ելէք
Հայ Գիր ու Լեզուին ձեր սիրտը տուէք:
Մեր վարժարանի յարկը կրթական
Ձեր անուշ շունչով հայու պատուական
Ջերմ պիտի մնայ ու վարար դառնայ
Այս լոյս աշխարհին կամարին վրայ:
Զաւէն Աճէմեան