DARON MURATYAN RESİM SERGİSİ ZİYARETİ
Թօփգաբու Լեւոն Վարդուհեանի Սաները Յունիս 7ին այցելեցին Քատիր Հաս Համալսարանի մէջ սարգուած Տարոն Մուրատեանի գծագրութիւններու ցուցահանդէսը: Հայ ազգի գծագրիչ Տարօն Մուրատեանի « Բացահայտ Գաղտնի Խաղ» խորագրով պատրաստուած եւ Բրօֆ. Հասան Պիւլէնթ Քահրամանի կողմէ համակարգուած ցուցահանդէսը հետաքրքիր դուեցաւ սաներուն: Գծագրիչի եւ գծագրութիւններու մասին տեղեկութիւն ստացող սաները հետաքրքիր էին ու հարցումներ հարցնելով նկարուեցան: Լաւ հիւրասիրուած ու գոհունակութեամբ հեռացան սրահէն: