2021-2022 Eğitim Öğretin Yılı Açılış Töreni
Թօփգաբու Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի Վերամուտը
2021-2022 տարեշրջանի համար վարժարանիս դռները բացուեցան ուսումնատենչ ուսանողներուն առջեւ: Քորոնաժահր համաճարակի հետեւանքով երկար շրջանէ մը ի վեր երես առ երես ուսուցումը ստիպողականօրէն կանգ առած էր:
Այսօր՝ 06 Սեպտեմբեր Երկուշաբթի, վարժարանին պարտէզին մէջ նոր ուսումնական շրջանի բացումը կատարուեցաւ եռուզով եւ նոր յոյսերով: Բացման օրուան ներկայ գտնուեցան՝ Թաղային Խորհուրդի անդամներ եւ դպրոցի հիմնադիր Տքթ.Եգուարդ Հարբութ, ատեանապետ Պրն. Շանթ Չաքմաքչը եւ Պրն. Նուրհան Սուճուեան, ուսուցչուհիներ, աշակերտներ եւ ծնողներ: