Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի Մէջ Թարգմանչաց Տօն
Թօփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի սաները Հոկտեմբեր 17՝ Չորեգշաբթի օր մեծ յուզումով տօնեցին Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը, յիշելով Հայ Գիրերու Գիւտի մեծ հրաշքը եւ ոգեկոչեցին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը, Սուրբ Սահակ Պարթեւը, Վռամշապուհ թագաւորը եւ Երեց թարգմանիչները: Հանդէսին ներկայ էին Թաղային Խորհուրդի յարգելի անդամներն ալ: